2010-08-17 12:38:02

Հայ Կնոջ Տարի` Ի՞նչ Կը Սպասենք Հայ Կնոջմէ


Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, կապրինք համաշխարհային ազատախոհ մշակոյթի մը զօրեղ տիրապետութեան տակ։ Նոյն ընկերութեան մէջ կապրի ու կը գործէ նաեւ հայ կինը՝ անմիջականօրէն ու մնայուն կերպով ենթակայ յիշեալ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ այն բոլոր մտահոգութիւններուն, խնդիրներուն ու մարտահրաւէներուն ազդեցութեան, որոնց հպանցիկ կերպով անդրադարձանք։

Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ ծայրայեղօրէն զգոյշ, որպէսզի հայ կինը բազմերանգ վտանգներով լեցուն նման կացութիւններէ, փորձութիւններէ ու փորձանքներէ հեռու մնայ։

Ճի՛շդ է, հայ կինը այլ ազգերու կիներուն նման բողոքի երբեմն չափազանցուած արտայայտութիւններով հրապարակ չէ իջած։ Ան առաւելաբար համակերպող է եղած իր կացութեան՝ երբեմն լուռ կերպով համբերող ու տառապող եւ քիչ պարագաներուն միայն պոռթկացող։ Դա՛րձեալ ճիշդ է, այլ ազգերու կիներուն յարաբերաբար, որ հայ կինը ընդհանրապէս պահպանողական է եւ հաւատարմօրէն կառչած է իր կրօնական ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն։ Սակայն չմոռնանք նաեւ, որ վերջին տարիներուն այս օրինակելի կացութեան խոտոր համեմատող պարագաներու թիւը սկսած է զգալի դառնալ մեր կեանքէն ներս։

Այս հարցերուն մասին իրապաշտ ու ինքնաքննական ոգիով քննարկումներ պէտք է տեղի ունենան մեր ընտանիքներէն ու կառոյցներէն ներս։ Այլ խօսքով, հայ կնոջ գծով գոյութիւն ունեցող երբեմն երկդիմի ու անորոշ, երբեմն պահպանողական ու ազատամիտ մտայնութիւնները ու ըմբռնումները, մօտեցումները ու գործելակերպերը համապարփակ ու լուրջ արժեւորումի պէտք է ենթարկուին։ Թէ՛ մենք սպասումներ ունինք հայ կինէն եւ թէ ինք՝ մեր եկեղեցիէն, պետութենէն, կառոյցներէն, մեր բոլո՛րէն։ Փոխադարձ սպասումներու ծիրէն ներս, կ'ուզենք անդրադառնալ մի քանի մտահոգութիւններու.-








All the contents on this site are copyrighted ©.